2014-06-05 09:28:25

Այսօր Փարիզի մէջ` Քերրի-Լաւրով հանդիպում


«Քոմսոմոլսքայա Փրաւտա» օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի 5 յունիսին պիտի հանդիպին Փարիզի մէջ:
«Քննարկման առարկայ պիտի ըլլան Ուքրանիան, մասնաւորաբար նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի երդման արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիան` քիմիական զէնքի դուրս բերման հարցերով», նշած է Փսաքի:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը պիտի կայանայ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Պարաք Օպամայի Փարիզ կատարելիք այցելութեան նախօրեակին: Լաւրով եւ Քերրի կ՛ընկերակցին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն:
Փորոշենքօ.«Խրիմը Դարձեալ
Ուքրանիոյ Պիտի Ըլլայ»
«Տէօչը Վելը» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ 3 յունիսին Վարշաւայի մէջ` իր առաջին արտասահման այցելութեան ընթացքին վստահութիւն յայտնած է, որ Ռուսիոյ միացած Խրիմը դարձեալ պիտի պատկանի Ուքրանիոյ:
Փորոշենքօ Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսքիի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ եւրոպական պետութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ մասնակցած է Խրիմի թաթարներու հոգեւոր պետ Մուսթաֆա Ճեմիլեւին Լեխ Վալեսայի անուան մրցանակ յանձնելու արարողութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.